2013-05-04 10:32:03

Զուիցերիոյ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցներու 47-րդ Կիրակին`


Ընկերային Ցանցերը Նիւթին Մասին
Զուիցերիոյ կաթողիկէ եկեղեցին 5 մայիսին կը տօնախմբէ ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային 47-րդ օրը, ունենալով որպէս բնաբան ''ընկերային ցանցերը. ճշմարտութեան եւ հաւատքի դուռ,Աւետարանութեան նոր միջոցներ''։ Զուիցերիոյ եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն հաւատացեալները վկայութիւն տալու իրենց հաւատքին ֆէյսպուքի միջոցաւ։ Եկեղեցին կանչուած է հարցադրելու թէ ի՞նչպէս ընկերային հաղորդակցութիւններու միջոցաւ ոգնել մարդոց հանդիպում հաստատելու Յիսուսի Քրիստոսի հետ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընկերային հաղորդակացութեանց համաշխարհային 47-րդ օրուան առթիւ իր պատգամին մէջ կը գրէ. որպէս քրիստոնեաներ կանչուած ենք հաղորդելու մեր հաւատքը, հետեւաբար ան կը խթանէ հաւատացեալները քարոզելու քրիստոնեայ հաւատքը ընկերային հաղորդակցութեանց ներկայ բոլոր միջոցներով։ Զուիցերիոյ եկեղեցին հետեւելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հրաւէրին իր կարգին կը քաջալերէ հաւատացեալները իրենց հաւաքին վկայութիւն տան հաստատած յատուկ ֆեսպուքին միջոցաւ։ Զուիցերիոյ եկեղեցին կիրակի 5 մայիսին որոշած է դրամահաւաք կատարել նեցուկ կանգնելու Եկեղեցւոյ հաղորդակցական մարմիններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.